2016-11-09 11:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Այցելել հիւանդներն ու բանտարկեալները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով Ողորմութեան ներգործութիւններու մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ  հիւանդներն ու բանտարկեալները այցելելու մասին։

Ներշնչուելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած մէկ պատմուածքէն ուր Յիսուս  բուժելէ ետք Պետրոսի զոքանչը կը բուժէ նաեւ այլ հիւանդներ ու կը վտարէ չար դեւերը (Մարկոս 1, 30-34) Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ, որ Յիսուսի հրապարակային կեանքին վերջին երեք տարիները յատկանշուած են մարդոց հետ յարատեւ հանդիպումներով, ու այս մարդոց միջեւ յատուկ տեղ գրաւեցին  յատկապէս հիւանդները։

Աւետարանի մէջ բազմաթիւ էջեր կը խօսին սոյն հանդիպումներու մասին ուր Յիսուս մօտիկ եղաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ու զանոնք բուժեց իր ներկայութեամբ ու իր վերակենդանացնող ուժով։

Առ այդ կարելի չէ ողորմութեան ներգործութիւններու շարքին չի նշել Հիւանդներու խնամակալութիւնը ու բանտի մէջ գտնուողներու այցելութիւնը, տրուած ըլլալով որ ըլլայ հիւանդները ըլլայ բանտարկեալները կ՛ապրին  սահմանափակուած ազատութեան իրավիճակ։ Յիսուս մեզի պարգեւեց կարելիութիւնը ըլլալու ազատ` հակառակ հիւանդութեան սահմանափակումներուն։

''Այս ողորմութեան ներգործութիւններու միջոցաւ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ մարդկայնական վեհանձն արարքի մը` բաժնեկցութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց թէ ան որ հիւանդ է յաճախ միայնակ կը զգայ ինքզինք, հիւանդութեան ընթացքին յաճախ կ՛ապրեցուի առանձնութեան փորձառութիւնը ու այցելութիւն մը կամ շոյանք մը կարող է այդ հիւանդը նուազ առանձին զգացնէ։  Եւ երբ այս գործը կը կատարուի Տիրոջ անունով այս մէկը կը դառնայ ողորմութեան պերճախօս եւ անարդիւնաւէտ արտայայտութիւն, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրելով միայնակ չթողուլ հիւանդները ու նոյնպէս բանտարկեալները` որոնք անշուշտ  բանտին մէջ կը գտնուին յանցանք գործած ըլլալուն համար, ու այնտեղ կը վճարեն արդարութեան իրենց պարտքը, սակայն կը մնան միշտ անձինք որ սիրուած են Աստուծմէ։  Սրբազան Պապը հուսկ հաստատեց թէ քրիստոնեային պարտկանութիւնն է սխալի մէջ գտնուող եղբօր օգնել. որպէսզի հասկնայ իր սխալը։ Ազատութեան պակասը մարդ արարածի մեծագոյն զրկանքներէն մին է ու եթէ այս զրկանքին աւելցնենք կեանքի վատ պայմանները­, ուր յաճախ մարդկայնութեան պակաս կայ, այդ պարագային քրիստոնեան պէտք է խրախուսուած ըլլայ այդ անհատներու արժանապատուութիւնը վերադարձնելու յանձնառումին մէջ։

Բանտարկեալները այցելելը ողորմածութեան ներգործութիւն է ու հարկաւոր է որ ամէնքս դառնանք ողորմածութեան գործիքներ, բաժնեկցութեան ու յարգանքի վարուելակերպով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնվ ու յայտնեց թէ ինք յաճախ կը մտածէ բանտարկեալներուն ու հարց կու տայ թէ ի՞նչն է որ զիրենք մղեց յանցանքներ գործելու, ապա նշեց թէ Ինք ականատես եղած է բազմաթիւ արցունքներու որոնք հոսած են այն բանտարկեալներու աչքերէն որոնք իրենց կեանքին մէջ երբեք չէին լացած, ու այդ մէկը պատահեցաւ որովհետեւ պարզապէս ընկալուած ու սիրուած զգացին իրենք զիրենք։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Յիսուս ու առաքեալները եւս փորձարկեցին բանտի կեանքը։ Չարաչարանքի պահերուն  Տէրը կռեց բազմաթիւ տառապանք…Ինք որ անմեղ էր։ Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոսը եւս բանտարկուեցան ու բանտին մէջ եւս` աղօթեցին ու աւետարանեցին։ Յուզումով լի է Գործք առաքելոցի էջը ուր կը պատմուի Մեծն Պօղոսի բանտարկութեան մասին. մինակ էր ու կը փափաքէր բարեկամի մը այցելութիւնը, յայտնեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ողորմածութեան ներգործութիւնները միշտ այժմէական են ու թէ պէտք չէ իյնանք անտարբերութեան զգացումին մէջ, այլ պէտք է դառնանք Աստուծոյ  ողորմութեան գործիքներ։ Ամէնքս կարող ենք ըլլալ այդ գործիքները. Ողորմութիւնը կ՛արտայայտուի մէկ գործի, խօսքի կամ այցելութեան ընդմէջէն ու կարող է երջանկութիւնն ու  արժանապատուութիւնը վերադարձնել բոլոր անոնց որոնք զայն կորսնցուցած են։ Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.